ՄԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼ

ԼԵՎԱՄի Մինի Ֆութպոլի մրցաշարքին, Շաբաթ, 20 Մարտին Ճեմարանի միջակ տղաքը յաղթեցին Հռիփսիմեանցի աշակերտներուն՝ 9-2 արդիւնքով: CSM- ի Մինի Ֆութպոլի մրցաշարք.- 15-էն 21 Մարտ տեղի ունեցած CSM- ի Մինի Ֆութպոլի մրցաշարքին Ճեմարանի աշակերտները հանդիսացան առաջին, ստացան բաժակ ու մետալներ: Ստորեւ մրցաշարքին արդիւնքները. Ա. խաղ՝ Ճեմարան յաղթեց AUST-ին 11-4 արդիւնքով:…

ՇՆԻԿԸ՝ ՄԵՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԸՆԿԵՐԸ

Մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները «դիտելու դաս»ին ընթացքին «հիւրընկալեցին» շնիկ մը: Անոնք մանրամասնութեամբ ծանօթացան ընտանի այս անասունին արտաքինին եւ յատկութիւններուն: Փոքրիկները ուրախութեամբ ու խանդավառութեամբ դիտեցին շնիկը՝ իրենց «հաւատարիմ ընկերը»: Ոմանք համարձակութեամբ ու անվախօրէն մօտեցան անոր, շոյեցին, խաղացին… իսկ ուրիշներ ոտքերնին վեր պահեցին…:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ՍԱՅՏԷ» ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Ուրբաթ, 19 Մարտ 2010-ին, Մէթնի գայմագամ (գաւառապետ) Ռանտա Հատտատի նախաձեռնութեամբ, մայրերու օրուան առթիւ, Ժ. դասարանի աշակերտները այցելեցին «Սայտէ» հիւանդանոցը (Անթիլիաս): Հիւանդանոցի պատասխանատու Սէօր Սէսիլ եւ Անթիլիասի քաղաքապետը դիմաւորեցին աշակերտները: Աշակերտները ծաղիկներ նուիրեցին ծերերուն ու հիւանդներուն եւ «Ձեզմէ սորված ենք սէրն ու գուրգուրանքը» գրութեամբ բացիկներ յանձնեցին անոնց: Ճեմարանի աշակերտները…

«ՈՐԲԵՐՈՒ ԱՂԵՐՍԸ» ՏԵՍԵՐԻԶԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, Ուրբաթ, 19 Մարտի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գերմանական պատմական արխիւներէն յայտնաբերուած «Որբերու աղերսը» խորագիրով զգայացունց տեսերիզի ցուցադրութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Ճեմարանի միջնակարգի աշակերտները: Տեսերիզին մէջ ներկայացուած էին հայոց պատմութեան…

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, 15 Մարտ 2010-ին, տեղի ունեցաւ «Ընդհանուր առողջապահութիւն, ակռաներու խնամք եւ սննդականոն» նիւթով դասախօսութիւն մը Ե. դասարաններու աշակերտութեան համար: Դասախօսն էր Տոքթ. Իշխան Եղիայեան, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց նիւթը եւ պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն:

ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ՝ ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ճատրակի յանձնախումբին, Կիրակի, 14 Մարտին ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը՝ մասնակցութեամբ 40 խաղացողներու: Այս մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն էր Ալի Ժաուիշ: Ներկաներուն շարքին էին Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամներ Հասան Ժունտի, Հասան Համմուտ եւ քարտուղար Շահատէ Ապու Նըմրի: Ճեմարանի աշակերտներ…

ՄԻՋԻՆՔ

Ճեմարանի աշակերտութեան կրթութիւն ջամբող, արտադասարանային աշխատանքներով ու այցելութիւններով անոր ընդհանուր զարգացումը հարստացնող եւ ընկերական առողջ մթնոլորտ ստեղծելու ճիգ չխնայող ուսուցիչները իրենց առօրեան եւս կը թարմացնեն ու կը ճոխացնեն զանազան առիթներով: Չորեքշաբթի, 10 Մարտին, երկրորդ զբօսանքէն սկսեալ ուսուցչարանէն ներս տեղի ունեցաւ արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած միջինքի հիւրասիրութիւնը: Տնօրէնութիւնը, պաշտօնէութիւնը,…

80 ԱՄԵԱԿԻ ՊԱՏԻ ԹԵՐԹ (2)

Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտներ կը շարունակեն Ճեմարանի գրասենեակներուն մօտ գտնուող պատի թերթը զարդարել 80 ամեակի գրութիւններով ու նկարներով: Մարտ ամսուան երկրորդ շաբթուան պատի թերթը յատկացուած է Ճեմարանի տնօրէններուն:

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԵՐԵՔ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԴԷՊԻ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏ…

Ինչպէս ամէն տարի, Լիբանանի «Մանուկներու իրաւունքը պաշտպանող յանձնախումբ»ի կազմակերպութեամբ, 22 Մարտին պիտի նշուի մանուկներու տօնը, որուն առիթով 6 Մարտին տեղի ունեցաւ երաժշտական մրցանք մը Լիբանանի Պետական Բարձրագոյն Երաժշտանոցէն ներս: Լիբանանի բոլոր շրջաններէն տարբեր դպրոցներէ ու երաժշտանոցներէ եկած 127 մանուկներ մասնակցեցան այս մրցանքին: Մրցանակակիր 12 հոգիէն երեքը Համազգայինի Բարսեղ…

ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Շաբաթ, 6 Մարտ 2010-ի յետմիջօրէի ժամը 1-ին Մօն Լա Սալի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած միջդպրոցական պարի փառատօնը: Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Դ. դասարաններու պարախումբը ելոյթ ունեցաւ հայկական գաւառական պարով մը եւ շահեցաւ Լեռնալիբանանի իր դասակարգին առաջնութիւնը: Նախքան շահող խումբը բեմ հրաւիրելը՝ դատական…

ԱԼԼԱ ԼԵՒՈՆԵԱՆ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԸ

3 Մարտ 2010-ին, Լսարանական Միութիւնը հանդիպում ունեցաւ հայրենի երգչուհի Ալլա Լեւոնեանի հետ: Բացման խօսքը արտասանեց Վաչէ Ծատուրեան, որ այս հանդիպումը լաւ առիթ մը նկատեց նշելու Ճեմարանի 80 ամեակը ու փաստելու թէ մենք կառչած կը մնանք մեր հիմնադիրներու ուղիին: Լսարանականները դիմաւորեցին Ալլա Լեւոնեանը երաժշտութեամբ: Վարանդա Եագուպեան ներկայացուց «Եարը մարդուն…

ԼԵՎԱՄ (ՖՈՒԹՊՈԼ)

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, 6 եւ 7 Մարտին տեղի ունեցան ֆութպոլի մրցումները, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի դաշտին վրայ: Կիրակի, 7 Մարտին Ճեմարանի միջակ տղաքը 8-6 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Շամլեան Թաթիկեանի աշակերտները: Շաբաթ, 20 Մարտին, ժամը 4:10-ին տեղի պիտի ունենայ Ս. Հռիփսիմեանց-Ճեմարան միջակ տղոց խաղը: