ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Հինգշաբթի, 29 Ապրիլին տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն աւարտական դասարանի աշակերտներուն համար: Համազգայինի Կրթական Խորհուրդի անդամ Տիկ. Շաղիկ Խիւտավերտեան աշակերտներուն խօսեցաւ կեանքի ամենակարեւոր հանգրուաններուն որոշումներ առնելու եւ ճիշդ կողմնորոշուելու մասին: Կեանքի մէջ պատանեկութենէ երիտասարդութիւն անցման շրջանը այնպիսի հանգրուան մըն է, որ կը հարկադրէ կարեւոր որոշումներ առնել բոլոր մարզերու մէջ՝ մասնագիտական, ասպարէզի ընտրութեան, յոռի երեւոյթներէ հեռու մնալու, եւայլն: Տիկ. Շաղիկ շեշտեց, որ որոշումներ կայացնելու մէջ էականը այն է, որ նախ պէտք է լաւ ուսումնասիրել տուեալ հարցի մը բոլոր այլընտրանքները, քննել առաւելութիւններն ու անպատեհութիւնները, որմէ ետք միայն յարմարագոյն ընտրութիւնը կատարել, տրուած ըլլալով որ այդ որոշումը կը վերաբերի նաեւ ուրիշներու: Աւարտական դասարանի աշակերտներուն համար ներկայացուած նիւթը դպրոցական կեանքին հրաժեշտ տալու նախօրեակին խիստ շահեկան էր: