ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՆԳ

Հինգշաբթի, 29 Ապրիլին հնչեց դպրոցի վերջին զանգը ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն համար: Նոյն օրը, երեկոյեան, աւարտական դասարանի աշակերտութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ուսուցչական կազմին, պաշտօնէութեան ու տնօրէնութեան, զանոնք հրաւիրելով ընթրիքի Ճեմարանի բացօթեայ խաղավայրին մէջ: Ուրբաթ, 30 Ապրիլին, ԺԲ. դասարանի աշակերտները հրաժեշտ տուին իրենց դպրոցական կեանքին: Առաւօտեան անոնք դպրոց ներկայացան սովորական ժամուն եւ դպրոցի մուտքին պարեցին բոլոր աշակերտներուն ու ուսուցիչներուն հետ: Անոնք իրենց դասընկերներէն, ուսուցիչներէն ու աշակերտական առօրեայէն բաժնուելու եւ նոր պատասխանատուութիւններ ստանձնելու տխրութեան եւ ուրախութեան յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ անցուցին ամբողջ օրը, ապա մեկնեցան պատրաստուելու պետական քննութիւններուն: