ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՍԵՄԻՆԱՐ

Կազմակերպութեամբ «Հորիզոն» գրասենեակին, Շաբաթ, 8 Մայիսին տեղի ունեցաւ «Թմրեցուցիչներն ու անոնց վտանգները» նախազգուշական թեմայով աշխատանքային սեմինար հայկական վարժարաններու աշակերտներուն համար: Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտներէն Կարօ Ֆէսլեան, Սինթիա Աննայեան, Գէորգ Քեհեայեան եւ Փաթիլ Գրիգորեան մասնակցեցան սոյն սեմինարին, որ կը բաղկանար չորս հանգրուաններէ: Առաջին հանգրուանին տեղի ունեցաւ թմրամոլութեան երեւոյթին եւ անոր հետեւանքներուն մասին խմբային քննարկում,զոր ներկայացուց Փաուլա Նալպանտեան: Երկրորդ հանգրուանին, Հմտութիւններու վարժութիւններ ծիրէն ներս, ներկայացուեցաւ «պատանիներու ընկերային առողջ կազմաւորման դերը յոռի երեւոյթներու դէմ պայքարելու իբրեւ միջոց» նիւթը Շաղիկ Խիւտավերտեանի կողմէ: Ճաշի դադարին, մասնակցող վարժարաններու աշակերտները առիթը ունեցան աւելի լաւ ծանօթանալու: Ապա Տոքթ. Ալին Խրլոբեան տեղեկութիւններ փոխանցեց թմրեցուցիչներու գլխաւոր խումբերուն, իւրաքանչիւրին ժխտական ազդեցութեան մարդկային մարմնին վրայ եւ յառաջացուցած վնասներուն մասին: Սեմինարի վերջին բաժինը գործնական աշխատանք էր, զոր ներկայացուց եւ աշխատանքային խումբերը առաջնորդեց Մանուկ Իպիթեան: Կէսօրէ ետք, ժամը 4:30ին, սեմինարը վերջ գտաւ զրոյցով, արժեւորումով եւ եզրափակումով: Մասնակցող աշակերտները ստացան հաստատագիր եւ մեկնեցան նոր գիտելիքներն ու տեղեկութիւնները իրենց դասընկերներուն փոխանցելու յանձնառութեամբ: Կարօ Ֆէսլեան ԺԱ. դասարան