ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 95-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻՆ

Ճեմարանի Երկրորդականի աշակերտները մասնակցեցան Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման աշակերտական հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 23 Ապրիլին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Ապա դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան բոլոր աշակերտները: Ձեռնարկին բացումը կատարեցին տարրականի աշակերտները: Անոնք ծաղիկներ զետեղեցին Լսարանական Միութեան կողմէ շինուած Ծիծեռնակաբերդին առջեւ եւ մոմեր վառեցին դպրոցին մուտքին զետեղուած նահատակ մտաւորականներու բարձրաքանդակներուն դիմաց, որմէ ետք Լսարանական Միութեան խօսքը արտասանեց Քրիստ Ատուրեան. ան ըսաւ « Իբրեւ դատ հետապնդող ժողովուրդ, մեզի չէ արտօնուած ժամավաճառութիւն: Մենք մեր երիտասարդութիւնը պիտի պահպանենք այսպէս մը, որ կարծէք իւրաքանչիւր օր Ապրիլ 24 ըլլար, այսինքն՝ հաւաքական մտածողութեան ոգիով…»: Ապա աշակերտները դիտեցին «Genocide in me» տեսաերիզը, եւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: