ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ CHAHINE ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Արաբերէնի դասի ընթացքին նուագարաններու մասին տեղեկանալէ եւ համապատասխան բառապաշարի մը տիրանալէ ետք, Երեքշաբթի 4 Մայիսին, Ե. դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին նուագարաններու վաճառատուն եւ ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները: Անոնք շրջեցան «Chahine» երաժշտական գործիքներ վաճառող հաստատութեան տարբեր բաժանմունքները, մօտէն ծանօթացան տուեալ գործիքներուն, ինչպէս նաեւ ոմանք նուագեցին իրենց սորված կտորներէն: Վաճառատան պատասխանատուներուն կողմէ կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն մը, եւ իւրաքանչիւր աշակերտ նուէր ստացաւ զեղչի կտրօն եւ նօթի տետր մը: