ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԾՈՎԱՅԻՆ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Գիտութեան դասի ամրապնդումին համար, 21 Ապրիլին, Դ. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին «Les merveilles de la mer» ծովային անասուններու թանգարանը, ուր անոնց ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը՝ ծովային անասուններու մասին: Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն, ապա պատասխանեցին թանգարանի այդ բաժնի հաղորդավարին հարցումներուն, որմէ ետք թանգարանին մէջ ցուցադրուած «aquarium»ներու մէջ ապրող անասունները դիտեցին: Աշակերտները լիովին գոհացած վերադարձան դպրոց: