ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Ուրբաթ 7 Մայիսին տեղի ունեցաւ ընկերային դաստիարակութեան վերաբերող դասախօսութիւն մը Դ. դասարաններու աշակերտներուն համար: Ճեմարանի խնամակալութեան անդամ Տիկ. Թամար Տէր Պետրոսեան խօսեցաւ աշակերտ-աշակերտ, աշակերտ-ուսուցիչ եւ աշակերտ-ծնողք փոխ յարաբերութեան եւ յարգանքի մասին: Տիկ. Թամար շեշտեց ժամանակը օգտակար ձեւով բաժնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ այդ տարիքի պատասխանատուութեան զգացումին մասին: