ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՐԻ ՄՐՑԱՆՔ

Ճեմարանի Դ. դասարանի ատենամարզանքի պարի խումբը Մարտ ամսուն մասնակցեցաւ Լիբանանի միջ-դպրոցական պարի մրցանքին: Անոնք ներկայացուցին Արա Գէորգեանի «Երուանդաշատ» ը եւ երկրորդ տարին ըլլալով առաջին դիրքը գրաւեցին փոքր աղջիկներու դասակարգին մէջ: Աշակերտները ստացան վկայական, եւ այս առթիւ կազմակերպուեցաւ հիւրասիրութիւն իրենց դասարաններէն ներս: Մրցանքին մասնակցեցան հետեւեալ աշակերտները՝ Նարինէ Գարագաւորեան, Գարին Այնթէպլեան, Սարինէ Ներսէս, Մեղրի Փափիրեան, Լալէ Չափարեան, Սելին Տաքեսեան, Նարէ Քիւրքճեան, Առլի-Իրեն Մելքոնեան, Փաթիլ Յակոբեան եւ Մեղրի Զաքարեան: