ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍ-ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒԻՆ

Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2010-ին, Ճեմարանի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտութիւնը ներկայ գտնուեցաւ Ապրիլեան մեծ եղեռնի 95-ամեակին առիթով տեղի ունեցած Ս. պատարագին եւ հոգեհանգստեան արարողութեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: Հոգեհանգիստէն ետք, Կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման Լիբանանի կեդրոնական մարմնին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքէն դէպի Պուրճ Համուտի դաշտը տեղի ունեցաւ համաժողովրդային քայլարշաւը, որուն եւս մասնակցեցան Ճեմարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ: Անոնք պաստառներով ու կանչերով արտայայտեցին իրենց բողոքը: Քայլարշաւէն ետք աշակերտները ներկայ գտնուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական հանդիսութեան: