ՆԱՀԱՏԱԿ ՎԻԳԷՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒԻ ՄՐՑՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 1 Օգոստոս 2010-ին, տեղի ունեցաւ հեծելարշաւի մրցում մը՝ նուիրուած Ղարաբաղի ազատագրական պայքարին ընթացքին նահատակուած ՀՄԸՄ-ական մարզիկ եւ ճեմարանական Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին։ Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ական մարզիկներու միջեւ, սկիզբ առաւ նահատակ ազատամարտիկի բնակարանին առջեւէն։ Ազդանշանը տրուեցաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեանի կողմէ եւ աւարտեցաւ «Մարինա» Տըպպայէի մուտքին։ Մրցումին ազդանշանին, Շրջանային վարչութեան կողքին ներկայ էին Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչները, նահատակ ազատամարտիկին ընտանեկան պարագաները, «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի անդամներ, ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղի անդամներ, ինչպէս նաեւ ազգայիններ։ Բաժակներու տուչութիւնը տեղի ունեցաւ կէսօրէ առաջ ժամը 11։30-ին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Վիգէն Զաքարեան» սրահին մէջ։ Նախքան բաժակներու տուչութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան։ Շրջանային վարչութեան կողքին բաժակներ յանձնեցին Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչները եւ ՀՄԸՄ-ի նախկին հեծելարշաւի խումբերու անդամ վեթերան եղբայրներ հետեւեալ ձեւով՝ Քարէն Օհանեան (Խումբի խմբապետ) իր բաժակը ստացաւ Նազօ Հապիպեանէն, Կարօ Քելեշեան 4-րդ՝ Հայկ Թապագեանէն, Սիմոն Փանոսեան 3-րդ՝ Վարդգէս Ծատուրեանէն, Յովիկ Քիւրտեան 2-րդ՝ Ազատ Գալայճեանէն, Ռազմիկ Քիւրքճեան առաջին՝ Վաչէ Ծատուրեանէն, Ժաք Մահտեսեան՝ ընտանեկան պարագաներէն, ծնողքը՝ Յակոբ Քէշիշեանէն եւ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէն՝ Յակոբ Քէշիշեանէն։