ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

80 տարեկան է Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը։ 2009-2010 տարեշրջանին ընթացքին, բազմաթիւ առիթներով եւ տարբեր ձեռնարկներով Ճեմարանի հիմնադրութեան 80- ամեակը նշելէ ետք, աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ Հինգշաբթի, 3 Յունիսին, ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ այցելեցին Ճեմարանի հիմնադիրներուն՝ Նիկոլ Աղբալեանի եւ Լեւոն Շանթի դամբարանը Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ ։ Խունկ ու մոմ վառելէ եւ ծաղիկներ զետեղելէ ետք, աշակերտուհի մը կարդաց «Հին աստուածներ» թատերախաղէն կտոր մը, ապա բոլորը երգեցին Սայաթ Նովայի Քամանչա»ն։ Գերեզմանատունէն ետք, աշակերտները հաւաքուեցան Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի պարտէզը, ուր աւարտական դասարանը նռնենի մը տնկեց, այսպիսով ծաղկեցնելով 80 -ամեայ դպրոցին անհուն ճանապարհը։ Երկար տարիներն ու ամեակները չծերացուցին Ճեմարանը, ընդհակառա՛կը՝ տարուէ տարի ուռճանալով ու արդիականալով՝ ան դարձաւ նոր դարու կրթօճախը, ուր հիմնադիրներուն տեսլականին հաւատարիմ կրթական մշակներ ճիգ չխնայեցին հայեցի կրթութեամբ եւ միաժամանակ ընդհանուր զարգացումով ու գաղափարական մտածողութեամբ սերունդներ կերտելու։ 2009-2010 դպրոցական տարեշրջանի աւարտին դարձեալ երկունքի մէջ էր Ճեմարանը։ Մանկապարտէզէն եկող նոր ծիլեր պիտի ծաղկէին դպրոցին մէջ, եւ աւարտական նոր սերունդ մը պիտի ծնէր։ 80-ամեայ Ճեմարանին ամավերջի բոլոր հանդէսները տեղի ունեցան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ։ Շաբաթ, 5 Յունիսին, 41 աշակերտներ ստացան Նորսիկեան մանկապարտէզի վկայականը։ Տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի հանդէսները յաջորդաբար տեղի ունեցան Ուրբաթ 11 եւ Չորեքշաբթի 16 Յունիս 2010-ին։ Ուրբաթ, 9 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը։ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդէսի բացման խօսքը արտասանեց Սանահին Գասապեան, ապա ցուցադրուեցաւ շրջանաւարտներուն մանկապարտէզէն աւարտական դասարան դպրոցական տարիներու զանազան առիթներու նկարներով տեսաերիզ մը։ Նազօ Գէորգեան շատ տպաւորիչ ձեւով ասմունքեց Լեւոն Շանթի «Նաղաշի ճառը»՝ ներկաներուն փոխանցելով «Շղթայուած»ի հեղինակին պատգամը. «Մեռցնել այն բռնակալը, որ կը տիրէ ամէն մէկուն կրծքին տակ, որ կ՚ուզէ, իշխել ամէնուն վրայ, կ՚ուզէ խլել ուրիշներուն ունեցածը, կ՚ուզէ ուտել ուրիշներուն աշխատանքը, կ՚ուզէ որ բոլորը երկրպագեն իրեն ու ծառայեն իր քմայքին ու հաճոյքին…»։ Ասմունքէն ետք ԺԱ. դասարանէն Վարանդա Եագուպեան մեներգեց «Գնա՛ կռունկ» երգը, որմէ ետք ԺԱ. դասարանին կողմէ շրջանաւարտներուն ողջերթի ուղերձ կարդաց Աբիկ Աբրահամեան, որ ըսաւ. «Ոչ մէկ կասկած ունինք, թէ ապագային ձեզ պիտի գտնենք բարձր դիրքերու եւ պաշտօններու վրայ։ Պիտի դառնաք քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, միութենականներ, գիտնականներ, արուեստագէտներ եւ ճարտարագէտներ, ինչպէս էին ձեզ նախորդող սերունդները, մեր հիմնադիրներն ու ուսուցիչները։ Կը մնայ ձեզի մէկ բան՝ պահել մայրենի լեզուն եւ գուրգուրալ անոր վրայ, ամուր կապեր հաստատել մեր հայրենիքին հետ եւ պայքարիլ ամէն ինչի դէմ, որ կը սպառնայ ձեր հայ նկարագրի խաթարումին եւ կը տանի դէպի օտարացում եւ ձուլում»։ Ողջերթի խօսքէն ետք աւարտական դասարանէն ջութակահարներու հնգեակ մը՝ Դալար Մանճեան, Քրիստ Ատուրեան, Հրակ Տեմիրճեան, Վարանդ Պոյաճեան եւ Կարէն Պօղոսեան, նուագեց մեղեդիներ Սայաթ Նովայէն։ Ապա Շողեր Յովհաննէսեան կարդաց աւարտական սերունդին կողմէ ուղերձը։ Ան վկայակոչելով բաժանման մասին Լեւոն Շանթի մէկ խօսքը, ըսաւ. «Այսպէս է կեանքը. ծով մըն է, ալիքները կը զարնեն ու կը մօտեցնեն մարդիկը իրարու. կու գան նորէն ալիքները, կը զարնեն ու կը զատեն մարդիկը իրարմէ»։ Ապա շարունակելով իր խօսքը՝ ըսաւ. «Մեր ուսուցիչներուն ու ծնողներուն շնորհակալութիւն յայտնելու լաւագոյն միջոցը պիտի ըլլար հասնիլ իրենց եւ ապա գերազանցել զանոնք, որպէսզի յառաջդիմութիւնը ըլլայ բնական, ըլլայ իրական…Մենք՝ 80 ամեակի սերունդս, պիտի փորձենք մեր կարգին վառ ու բարձր պահել ճեմարանի ջահը, որուն շնորհիւ կþարձակուինք այսօր ճեմարանէն իբրեւ հայ մարդեր։ Ու կ՚երգենք մենք բարձրաձայն Մուշեղ Իշխանի բառերով, անկեղծ հաւատքով ու սրտի խորերէն. «Հայ դպրութեան դուն ջահակիր, Ճեմարա՛ն, Հայրենաբաղձ հոգիներուն մեր բոլոր Տո՛ւր Մեսրոպի հաւատքին լոյսն իրական Եւ փառքն անհուն հայ հանճարին դարաւոր»։ Աւարտական դասարանի ուղերձէն ետք, ճեմարանի գործադիր տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան բեմ բարձրացաւ մրցանակաբաշխութեան համար։ Շողեր Յովհաննէսեան արժանացաւ ԺԲ. դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան» եւ երկրորդական բաժնի մէջ գիտական նիւթերու լաւագոյն միջին ապահովողի «Կարօ Սիւրմէլեան» մրցանակներուն։ Երկրորդական բաժինի հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսէ յիշատակի ֆոնտ»ի մրցանակներ ստացան գրական բաժինէն՝ Փաթիլ Եագուպեան եւ գիտական բաժինէն՝ Հրակ Փափազեան։ Սեւան Սերոբեան արժանացաւ ԺԲ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Լուի Օհանեան» մրցանակին։ Գերազանց արդիւնքներ ապահովողի եւ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր Յովսէփեան» մրցանակներուն արժանացան գրական բաժինէն Ռուբինա Մկրտիչեան եւ գիտական բաժինէն Հրակ Տեմիրճեան։ «Ջահակիր»ի պատրաստութեան լաւագոյն մասնակցութեան «Վիգէն Զաքարեան» մրցանակը ստացաւ Գէորգ Մանուկեան։ Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան» մրցանակին արժանացաւ Կալի Խիւտավերտեան։ Թ. դասարանի արաբերէնի մէջ լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսէ Սեփեթճեան» մրցանակը ստացաւ Փաթիլ Գէորգեան։ Այս տարուան աւարտական դասարանին մաս կազմած վաղամեռիկ Հուրի Պերթիզլեանի ծնողներուն հաստատած Ժ. դասարանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Հուրի Պերթիզլեան» մրցանակին արժանացաւ Արեւիկ Փափազեան։ Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մրցանակները ստացան Հայկ Խաչերեան եւ Նայիրի Ոսկերիչեան, իսկ ճեմարանի տիպար աշակերտ, լաւ աշխատող, անթերի վարք ու բարքով, ծառայասէր աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին արժանացաւ Աւօ Մումջօղլեան։ Մրցանակաբաշխութենէն ետք Տիգրան Ճինպաշեան, անդրադառնալով անցնող տարեշրջանին ու ճեմարանական կեանքին, Ճեմարանը կարելի առաւելագոյն հայեցիութեամբ դպրոց որակեց՝ յիշելով տարուան ընթացքին կազմակերպուած «Հայ մշակոյթի օր»ը, երբ մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական դասարանի աշակերտները ամբողջ օր մը դպրոցին մէջ կենդանացուցին հայ մշակոյթը՝ երգերով, պարերով, նուագներով ու թատրոնով։ Ան ըսաւ, որ առօրեայ դասերէն բացի, Ճեմարանի աշակերտները կը մասնակցին զանազան մրցանքներու՝ արտասանական, ընդհանուր զարգացման թէ մարզական, նշելով մասնաւորաբար ԼԵՎԱՄ-ի մրցանքներուն մասնակցութիւնն ու յաղթանակները։ Անդրադառնալով աւարտական սերունդին՝ Տ. Ճինպաշեան ըսաւ, որ այս սերունդը մշակութային, գրական թէ մարզական հետաքրքրութիւններով հարուստ սերունդ է, եւ որմէ շատ բան կարելի է ակնկալել։ Տիգրան Ճինպաշեան թուեց անցնող տարեշրջանին կատարուած հիմնական նորութիւնները դպրոցին մէջ՝ Նորսիկեան մանկապարտէզին մէջ արդիական խոհանոցի մը կառուցումը, որուն շնորհիւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն օրական ճաշ կը հայթայթուի, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին կառուցումը, ուր արդէն իսկ տեղի կ՛ունենան ներքին ձեռնարկներն ու հանդէսները։ Իր խօսքէն ետք Տ. Ճինպաշեան բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեանը մասնակցելու վկայականներու յանձնումին։ Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.- Գրական ճիւղէն՝ Աղասարգիսեան Օրoր, Այնթեպլեան Մարիա, Պաղտիկեան Ցոլին, Պաժաքեան Սարին-Սանտրա, Պայրամեան Հուրի, Պետոյեան Սառա, Գանտահարեան Սանան, Գասապեան Սանահին, Գայայեան Գարլա, Քեմիճեան Վարդենի, Գնտոյեան Արին – Բեկի, Քէօշկերեան Անի, Քէօֆթէեան Վիռնա, Քեչեպաշեան Փաթիլ, Գուճանեան Ցոլեր, Մանճեան Դալար, Մկրտիչեան Ռուբինա, Մելքոնեան Ցոլին, Նաճարեան Քրիսթին, Թոգաթլեան Փաթիլ, Ոսկերիչեան Նայիրի, Եագուպեան Փաթիլ, Ատուրեան Քրիսթ, Արամալեան Շանթ, Գագազեան Արի, Գեթսեմանեան Վարագ, Կոտալազեան Կարէն, Մանուկեան Գէորգ, Օհանեան Սեւակ: Գիտական ճիւղէն՝ Աճեմեան Սապին, Կիրակոսեան Մեղրի, Հանսքեհեան Գարինա, Յովհաննէսեան Շողեր, Մալճեան Արինա, Մխիթարեան Դալար, Սարգիսեան Նարէ, Սերոբեան Սեւան, Պետոյեան Հրակ, Պօղոսեան Կարէն, Պուչաքճեան Արմէն, Պոյաճեան Վարանդ, Տեմիրճեան Խաչիկ-Հրակ, Տէյիրմենճեան Ժորժ, Ճուլֆայեան Շանթ, Տօնիկեան Սեւակ, Գարավարդանեան Մուշեղ, Քերթեշեան Արեն, Գէորգեան Նազարէթ, Խաչերեան Հայկ, Մումջօղլեան Աւօ, Փափազեան Հրակ, Փայլեան Սահակ, Սահակեան Ժոզեֆ, Թասլաքեան Սեւակ, Չամիչեան Նազարէթ: Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգին երգեցողութեամբ, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։