ՀԱՅ ԱՍՊԵՏ¬ՍՓԻՒՌՔ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի միջնակարգ բաժինէն 7 աշակերտներու Հայաստան այցը՝ «Հայ ասպետներ» պատկերասփիւռային խաղին մասնակցելու նպատակով, աւարտեցաւ 19 Յուլիսին, երբ անոնք Հալէպի ճամբով վերադարձան Լիբանան։ 18 Յուլիսին, տեղի ունեցած «Հայ Ասպետ¬ Սփիւռք» պատկերասփիւռային խաղին «Ճեմարանի ասպետները» հանդիսացան երկրորդ՝ 1 միաւորով միայն զիջելով առաջին դիրքը՝ Հալէպի ՀԲԸՄ-ի վարժարանի աշակերտներուն: «Հայ Ասպետ¬ Սփիւռք» պատկերասփիւռային խաղը պիտի սփռուի Սեպտեմբեր 5¬ին Հ1 կայանէն։