«ՀԱՅ ԱՍՊԵՏ- ՍՓԻՒՌՔ» ՀԵՌՈՒՍՏԱԽԱՂ

«Հայ ասպետ» կրթադաստիարակչական բարեգործական հիմնադրամը, որ Երեւանի մէջ արդէն հինգ տարի է կը զբաղի հայ երեխաներու հայրենաճանաչողական և հայրենասիրական դաստիարակութեամբ, կազմակերպած է «Հայ ասպետ-սփիւռք» հեռուստախաղը սփիւռքի հայկական դպրոցներու աշակերտներուն համար։ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ընդառաջեց «Հայ Ասպետ» հիմնադրամի հրաւէրին եւ միջնակարգի 7 աշակերտներ ուսուցչուհիի մը ընկերակցութեամբ Երկուշաբթի 12 Յուլիսին ճամբեց դէպի հայրենիք` մասնակցելու «Հայ Ասպետ-Սփիւռք» հեռուստախաղին։ Անոնք մէկ շաբթուան ընթացքին հիմնադրամին կազմակերպած յատուկ յայտագրին պիտի հետեւին ծանօթանալու համար խաղի կանոններուն, անմիջական շփում ունենալու հայ ասպետներուն հետ եւ անոնց հետ այցելելու թանգարաններ, թատրոններ եւ մշակութային այլ վայրեր։ Կիրակի, 18 Յուլիսին տեղի պիտի ունենայ հեռուստախաղը, որուն սփռումի թուականը կը հաղորդենք հետագային։ Կը մաղթենք որ մեր աշակերտները կը վերադառնան նոր փորձառութիւն մը ձեռք ձգած եւ հայրենիքի ու հայրենակիցներու մասին նոր տեղեկութիւններով յագեցած։