«ԵԿԷ՛Ք ՇԱՐԱԴՐԵՆՔ»

«Ազդակ»ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»ի կազմակերպած «Եկէ՛ք շարադրենք» մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 6 Յուլիս 2010-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, մօտաւորապէս հարիւր հոգիի ներկայութեան՝ ծնողներ թէ փոքրիկներ։ Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանելով «Պզտիկ-Մզտիկ»ի խմբագրական կազմի անդամ Սրբուկ Ճենանեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական բոլոր վարժարաններու տնօրէնութեանց, ուսուցչական կազմերուն եւ ծնողներուն, որոնք ամէն տարի կը քաջալերեն «Պզտիկ-Մզտիկ»ի կազմակերպած ձեռնարկները իրենց մասնակցութեամբ. շնորհաւորական խօսքերու արժանացան նաեւ մրցանակակիր փոքրիկներն ու զիրենք քաջալերողները։ Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ «Ազդակ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ բարի գալուստի խօսքէն ետք շեշտը դրաւ «Պզտիկ-Մզտիկ»ի կազմակերպած եւ հայեցի կրթութիւնը ամրապնդող այս մրցանքներուն վրայ, որոնք յաջողութեամբ կը պսակուին շնորհիւ ֆոնտերու քաջալերանքին։ Ան յայտնեց, որ արդէն «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահի կառուցման շարժառիթը «Պզտիկ-Մզտիկ»ի արձանագրած յաջողութիւնն էր, որուն շնորհիւ մարդկային պաշարներու «Փիւնիկ» հիմնադրամը ձեռնարկած էր կառուցման աշխատանքին։ Բացի այս ֆոնտէն, արդէն ներկաներուն եւ բոլորին յայտնի է «Սօսի» յիշատակի ֆոնտը, որ կը ֆինանսաւորէ «Պզտիկ-Մզտիկ»ի մրցանքները, ասոնց վրայ կու գան աւելնալու «Եռագոյն» եւ «Մելքոն Էպլիղաթեան» ֆոնտերը։ «Եռագոյն ֆոնտ»ը, որ գաղութին ծանօթ կրթական եւ երաժշտական դաստիարակութեան մարզին իր բերած նկատառելի ներդրումով, իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Պզտիկ-Մզտիկ»ի հրատարակչական աշխատանքներուն։ Իսկ «Մելքոն Էպլիղաթեան» մամուլի ֆոնտը, որուն մասին յայտարարուած էր արդէն, բացի մանկապատանեկան խաւէն յառաջիկային ներդրում պիտի ունենայ երիտասարդական խաւի ներգրաւման աշխատանքներուն մէջ։ Շահան Գանտահարեան հաստատեց, որ նման մրցանքները կը նպաստեն արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման աշխատանքներուն։ Շ. Գանտահարեան յայտնեց նաեւ, որ կան ծրագիրներ, որոնք ընթացքի մէջ են եւ երբ բիւրեղանան անոնք եւս կը դառնան հանրութեան սեփականութիւնը։ Ան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական բոլոր դպրոցներուն, որոնք անխտիր մասնակցած էին ու կը մասնակցին «Պզտիկ-Մզտիկ»ի կազմակերպած ձեռնարկներուն. ապա հրաւիրեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանը, որ իբրեւ կրթական մարզի պատասխանատու իր կարծիքը փոխանցէ։ Տ. Ճինպաշեան շեշտը դրաւ հայերէնի եւ անոր անաղարտ գործածութեան վրայ՝ մատնանշելով, որ օրէ օր նահանջ կþարձանագրէ հայոց լեզուն, իսկ «Ազդակ» օրաթերթի եւ «Պզտիկ-Մզտիկ»ի կազմակերպած նմանօրինակ մրցանքները, որոնք առիթ կու տան հայ փոքրիկին գրելու եւ փորձառութիւն ձեռք ձգելու, մեծապէս կը նպաստեն մայրենին փրկելու աղաւաղումներէ։ Ան իր կարգին շնորհաւորեց «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը, ինչպէս նաեւ «Պզտիկ-Մզտիկ»ի խմբագրական կազմը եւ մրցանակ ստացող ու չստացող, բայց մրցանքին մասնակցող բոլոր փոքրիկները, որովհետեւ «մասնակցիլն անգամ յաղթանակ է», ըսաւ ան։ Ձեռնարկին վերջին բաժինով տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը՝ «Ազդակ»ի տնօրէնին եւ ֆոնտերու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Մրցանակակիր փոքրիկները ուրախութեամբ ստացան իրենց նուէրները՝ տրամադրուած «Սօսի» յիշատակի ֆոնտին կողմէ, ինչպէս նաեւ խորհրդանշական նուէր մըն ալ՝ «Ազդակ»ի կողմէ։ Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներն են. 4¬րդ դասարանէն առաջին հանդիսացած է Տարօն Զոհրապեան, երկրորդ՝ Արիանէ Թասլաքեանի, իսկ երրորդ՝ Լորի Գորեսեան։ 5¬րդ դասարանէն առաջին հանդիսացած է Մանէ Պասմաճեան, երրորդ՝ Նարօտ Սերուժեան եւ Արենի Խաչատուրեան։ 6¬րդ դասարանէն առաջին հանդիսացած է Կալի Խիւտավերտեան, երկրորդ՝ Սեւանա Պոյաճեան։ Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ հիւրասիրութեամբ։