ՃԵՄԱՐԱՆԻ «ԱՍՊԵՏՆԵՐ»Ը

13 Յուլիսին «Հայ ասպետ-Սփիւռք» նախագծին մասնակցելու նպատակով Հայաստան հասան Ճեմարանի աշակերտները: Անոնք «Հայ ասպետ» կեդրոնին մէջ հանդիպեցան մէկ օր առաջ հայրենիք ժամանած Վրաստանի խումբին։ Ճաշէն ետք աշակերտները քալեցին դէպի Մատենադարան: Ճամբան ծանօթացան իրենց հայրենի մայրաքաղաքի ամենագեղեցիկ շինութիւններուն: Այցելեցին Հանրապետութեան հրապարակ, Օբերայի եւ Պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի բակը, Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի պուրակը եւ վերջապէս ծանօթացան Մատենադարանի պատմութեանը, գիտահետազօտական ինստիտուտի կատարած աշխատանքներուն, տեսան հայոց ձեռագրերը, այնուհետեւ վերադարձան «Հայ ասպետ» կեդրոն, ուր կարճատեւ հանգիստէ ետք պարուսոյց Գագիկ Գինոսեանի օգնութեամբ վերյիշեցին իրենց յայտնի ազգային պարերն ու սորվեցան նորերը, իսկ արդէն երեկոյեան յաջորդ օրը կրկին հանդիպելու եւ միասին հայրենիքը ճանչնալու մեծ սպասումով զիրենք հիւրընկալած հայ ասպետներու հետ վերադարձան տուն: 14 Յուլիսին անոնց միացան Պելճիքայի եւ Հալէպի հայ համայնքներու դպրոցական խումբերը: Նոյն օրը առաւօտեան աշակերտները այցելեցին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, իսկ կէսօրէ ետք ուխտի գացին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, երեկոյեան ներկայ գտնուեցան «Անուշ» օբերայի ներկայացման: 15 Յուլիսին աշակերտական խումբերը այցելեցին արցախեան հերոսամարտին զոհ գացած հայորդիներու շիրիմները,Ճեմարանի աշակերտները ծաղկեպսակ զետեղեցին նահատակ ճեմարանական Վիգէն Զաքարեանի շիրիմին, այնուհետեւ ուղեւորուեցան դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Անոնք վանական համալիրին ծանօթանալէ ետք հիւրընկալուեցան Վեհարանին մէջ, հանդիպեցան Ամենայն հայոց կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին սրբազնագոյնին հետ, ստացան անոր օրհնութիւնը: Այնուհետեւ ուղղուեցան դէպի Օշական` Մեսրոպ Մաշտոցի անունը կրող վանքը: 16 Յուլիսին աշակերտները այցելեցին Հայաստանի պատմութեան պետական թանգարան եւ Ազգային պատկերասրահ: Այնուհետեւ «Հայ ասպետ» կեդրոնին մէջ կարճատեւ հանգիստէ եւ ճաշէ ետք մասնակցեցան հեռուստամրցոյթի նախապատրաստական դասընթացներուն, ազգային երգի ու պարի դասընթացքներուն: