ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Չորեքշաբթի, 2 Մարտ 2011-ին Միջնակարգի աշակերտները նշեցին Վարդանանց տօնը։ Բացման խօսքը կարդաց Թ. դասարանէն Սարին Սիւփիւրկէճեան, որ անդրադառնալով սփիւռքի մէջ այսօրուան ձուլման մարտահրաւէրներուն եւ հայութեան գոյատեւման առօրեայ պայքարին, ըսաւ. «Ազգի ու կրօնքի պահպանման նոյն այդ պայքարը մղեցին Վարդանանք 1560 տարիներ առաջ, մեր պարտականութիւնն է հետեւիլ Աւարայրի ճակատամարտին ուղիին…
