ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ընկերային հարցերու նախարարութեան առողջապահական դաստիարակութեան բաժնին, 11-էն 13 Յունուարին, տեղի ունեցաւ առողջապահական խորհրդաժողով մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ դպրոցիս հիւանդապահուհին՝ օրիորդ Քրիստին Մխճեանը։ Այս խորհրդաժողովին քննարկուեցան թմրամոլութեան, միասեռականութեան եւ դպրոցական տարիքի աշակերտներու առողջապահական, հոգեկան եւ ընկերային հարցեր, ինչպէս նաեւ առաջարկուեցան կեցուածքի եւ վերաբերումի որոշ եղանակներ՝ իբրեւ առողջապահական գետնի վրայ գործօն անդամներ ու պատասխանատուներ։