ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՍՊԱՆԴԸ

Երեքշաբթի 1 եւ Չորեքշաբթի 2 Մարտ 2011-ին Միջնակարգի Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտները դիտեցին 27-29 Փետրուար 1988-ին Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ բնակչութեան նկատմամբ տեղի ունեցած եղեռնին վերաբերող փաստագրական ու տեղեկատուական տեսերիզ մը։ Անմեղ զոհերու հարազատներու, ազերի ականատեսներու, սպանդէն փրկուածներու վկայութիւնները լսելով աշակերտները տեղեկացան եւ տեսան, թէ ի՛նչպէս ցեղասպան թուրքին ազգակից ազերին նոյն ոճով պատասխանեց Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու Արցախի ու Հայաստանի ժողովուրդին արդար պահանջատիրութեան արտայայտութեան։ Փետրուար 27-29 Պաքուի իշխանութիւններուն թոյլտուութեամբ ազերի ամբոխին յարձակումը Սումկայիթի հայկական թաղամասերուն վրայ եւ օր ցերեկով ջարդի, կողոպուտի ու թալանի կազմակերպումը աշակերտներուն մօտ աւելի եւս ամրապնդեց ազգին ու հայրենիքին տէր կանգնելու, իրաւունքներու եւ արդարութեան պահանջատիրութեան ոգին։