«ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԽԱՂԱՆՔ»

Երկուշաբթի 21 եւ Երեքշաբթի 22 Փետրուարին, տարրական բաժինի աշակերտները բախտը ունեցան ծանօթանալու ընկերային ծառայող տիկին Ալին Թաշճեանին, որ հետաքրքրական պատմութիւններու եւ զրոյցի, երկխօսութեան ընդմէջէն արծարծեց «համաձայն խաղանք»ի, բաժնեկցելու գաղափարը։ Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս տեղի ունեցած այս հանդիպման ընթացքին, տիկին Թաշճեան անդրադարձաւ ընկերասիրութեան, այդ տարիքի աշակերտներուն փոխյարաբերութեան դրական եւ ժխտական երեւոյթներուն (սպառնական ոճ)։ Պահերը աւարտեցան վերոնշեալ նիւթերուն վերաբերող դասարանային աշխատանքով կամ գծագրութեամբ։