ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ (տարրական բաժին)

Չորեքշաբթի, 2 Մարտին տարրական բաժինի աշակերտները նշեցին Բարեկենդանի տօնը։ Անոնք դասարան-դասարան բեմ բարձրացան եւ ներկայացուցին իրենց տարազները։ Աշակերտները հաճելի ժամանակ անցուցին երգելով, պարելով, խաղալով եւ ուտելով։ Օրուան անակնկալը Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեանի եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան այցելութիւնն էր։