ՔԼԻՄԱՆՃԱՐՕ

Աշխարհագրութեան դասին ծիրէն ներս, Դ. դասարաններու աշակերտները Ափրիկէ ցամաքամասին մասին անհրաժեշտ գիտելիքները ստանալէ ետք, Երկուշաբթի, 28 Փետրուարին առիթը ունեցան ծանօթանալու Պրն. Րաֆֆի Թոքաթլեանին, որ քանի մը տարի առաջ բարձրացած էր Ափրիկէի բարձրագոյն լեռը՝ Քլիմանճարօ։ Ան աշակերտներուն պատմեց իր փորձառութիւնը նկարներու ցուցադրութեամբ, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ լեռնագնացութեան օրէնքներուն։ Հետաքրքրական այս ներկայացման աւարտին, հիւր «լեռնագնացը» պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։