ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 2 Մարտ 2011-ին Միջնակարգի աշակերտները նշեցին Վարդանանց տօնը։ Բացման խօսքը կարդաց Թ. դասարանէն Սարին Սիւփիւրկէճեան, որ անդրադառնալով սփիւռքի մէջ այսօրուան ձուլման մարտահրաւէրներուն եւ հայութեան գոյատեւման առօրեայ պայքարին, ըսաւ. «Ազգի ու կրօնքի պահպանման նոյն այդ պայքարը մղեցին Վարդանանք 1560 տարիներ առաջ, մեր պարտականութիւնն է հետեւիլ Աւարայրի ճակատամարտին ուղիին ու կռուիլ հայ մնալու եւ հայ ապրելու համար Հայաստանի մէջ»։ Օրուան պատգամը փոխանցող աշակերտներուն խօսքը յաջորդաբար ընթերցեցին Թ. դասարանէն Սարօ Նոխուտեան եւ Սինթիա Սայեղ։ Անոնք հաստատեցին, որ իր ազգային արժանապատուութեան եւ իրաւունքին գիտակից ազգ մը կրնայ հասնիլ իր նպատակին, իսկ ազատութեան ու անոր սիրոյն զոհուելու գիտակից պատրաստակամութիւնը մաս կը կազմեն հայու ազգային նկարագրին։ Անոնք իրենց խօսքը աւարտեցին ըսելով. «Աւարայրը եղաւ այն կամուրջը, որուն վրայէն քալեցին Վանի, Կարսի, Զէյթունի, Սասունի, Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ Արցախի անձնուրաց ու յանձնառու բոլոր ֆետայիները, հայ ժողովուրդն ու ազատամարտիկները։ Այս ոգին է, որ փոխանցուեցաւ սերունդէ-սերունդ, հասաւ մինչեւ Սարդարապատ, մինչեւ Արցախ եւ վստահ ենք, որ պիտի հասնի մինչեւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»։ Ձեռնարկը անակնկալօրէն ընդհատեց Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեանի եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ։ Վարչապետը բարձր գնահատեց աշակերտներուն հայրենասիրութիւնն ու ազգային ոգին։ Այնուհետեւ սկսաւ գեղարուեստական յայտագիրը։ Ը. դասարանէն Լոռի Սարգիսեանի, Լոռի Սերայտարեանի եւ Մաթիան Փայլեանի Աւարայրի ճակատամարտը կանխող պատմական դէպքերու ամփոփ տեղեկատուութենէն ետք, Դերենիկ Դեմիրճեանի «Վարդանանք»ի «Բանտին մէջ» հատուածին թատերական ներկայացումով, Ը. դասարանի աշակերտները ներկաները փոխադրեցին Տիզբոն, ուր Յազկերտի հրաւէրին ընդառաջելով հայ նախարարները ինկած էին պարսիկ արքային ծուղակը. անոնք բանտին մէջ կը գտնուէին երկընտրանքի առջեւ՝ հաւատքի ուրացում կամ մահ։ Դժուար էր համոզել սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանը, որ Գուրգէն Փափազեանի բերնով պոռթկաց. «… Ես չեմ ուրանար, ո՛չ կեղծ, ո՛չ անկեղծ։ Ես, զաւակ Մամիկոնեաններու, ծնած եւ մեծցած Սահակ Պարթեւի ծունկերուն վրայ, բովանդակ Հայաստանի ատելի օրինա՞կ մը տալ. Ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ»։ Նժդեհ Գարագաւորեան, որ կը մարմնաւորէր Հայաստանի մարզպան Վասակ Սիւնին, կ՚առաջարկէր առերես ուրացման գաղափարը՝ իբրեւ միակ ճար հայրենիք վերադառնալու եւ ժողովուրդին ու երկրին տէր կանգնելու։ Սեւակ Աշճեան, Րաֆֆի Խալոյեան, Զոհրապ Մղտեսեան, Գրիգոր Յակոբեան, Վանայ Ճենանեան, Ալիք Գամպուրեան, Կարօ Գալայճեան, Սեւակ Պեքերեճեան, Հարօ Սողոմոնեան եւ Գեղամ Հաւաթեան հայ նախարարներու դերերով ամէն ճիգ կը թափէին համոզելու սպարապետը։ Ի վերջոյ բանտապահը (Յարութ Թիքիճեան), որ գաղտնի քրիստոնեայ էր, զգուշացուց բանտարկեալները. «Օրհասը հասաւ, ի սէր Քրիստոսի, ազատեցէ՛ք ձեր կեանքերը իշխաններ»։ Այնուհետեւ մարզպանն ու նախարարները յաջողեցան համոզել Վարդան Մամիկոնեանը, ու բոլորը երդում տուին առ Աստուած. «Կ՚երդնո՜ւնք, սրբազա՛ն երդում։ Պիտի գա՛նք քեզի, հեռո՜ւ հայրենիք, Պիտի գանք՝ իբրեւ բոցեղ փոթորիկ, Փշրելու ամէն շղթայ եւ պատնէշ, Հողէդ խլելու ամէն խորթ ծաղիկ. Պիտի գանք նաեւ իբր անսանձ ջրվէժ՝ Արդար զայրոյթի յորձքով քշելու Փրկատենչ սրտէդ օձերն արնարբու, Եւ քե՛զ միայն մերն ընելու ընդմիշտ… Պիտի գա՛նք քեզի, Մայր Հայրենիք»։ Թատերական ներկայացումէն ետք, Վանայ Ճենանեան արտասանեց «Խորհուրդ Վարդանանց»ը, որմէ ետք Ը. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ երգեցին Վարդանի երգը։ Նշենք, որ Է. դասարանի աշակերտները այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Վարդանանքի նուիրուած պատի թերթի աշխատանքներով։ Վարդանանց տօնակատարութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով։