ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»
Երեքշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2012-ին, Կաղանդի ու Ամանորի նախօրեակին, Ճեմարանի Ը. դասարաններու աշակերտները ուղղուեցան դէպի Ժպէյլ՝ տօնական այս օրերուն կատարելու կարեւոր այցելութիւն մը, որ պիտի իմաստաւորէր Կաղանդի պատգամը։ Խանդավառութիւնը, սպասումը, հրճուանքն ու ոգեւորութիւնը ողողած էին բոլորին սրտերը։ Ամբողջ ճամբուն ընթացքին, աշակերտները կը ծիծաղէին, կը խօսակցէին ու կ՚երգէին։ Յանկարծ… Ժպէյլ…
