ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ՄԱՍԻՆ

Երկուշաբթի, 18 եւ Երեքշաբթի 19 Փետրուար 2013-ին, տեղի ունեցան Արցախի ազատագրական պայքարի մասին դասախօսութիւններ՝ նախակրթարանի եւ միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտներուն։ Ճեմարանի շրջանաւարտ Վարագ Գեթսեմանեան Դ. եւ Ե. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց ազատագրական պայքարը՝ նկարներու ցուցադրութեամբ։ Ճեմարանի երկրորդական բաժինի ուսուցիչ Քրիստափոր Միքայէլեան Զ. եւ Է. դասարանի աշակերտներուն նախ ներկայացուց մեր պատմութեան կարեւորագոյն հանգրուաններէն Վարդանանքը եւ Փետրուարեան ապստամբութիւնը, ապա՝ Արցախի ազատագրական պայքարը՝ տեսերիզի ցուցադրութեամբ։