ՎԱՐԴԱԳՈՅՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 20 Փետրուար 2013-ին վարդագոյն դասարաններու փոքրիկները այցելեցին դպրոցին մօտակայ շէնք մը եւ դիտեցին անոր զանազան բաժանումները, ինչպէս՝ մուտքը, վերելակը, յարկերը…։ Այս այցելութեամբ անոնք ամրապնդեցին դասարանէն ներս իրենց սորված բառամթերքը։