Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի դամբանախօսութիւնը՝ Անթուան Քեհեայեանի (ՍԸՐ) մահուան յուղարկաւորութեան

Քանի մը օր ետք, 5 Փետրուարին, ՍԸՐ-ը 91 տարեկան պիտի ըլլար։ Բազմաշերտ խառնուածքով ու եզակի նկարագրով այս մարդը ամէն բանէ առաջ ուսուցիչ էր։ Եկած Կիպրոսէն, հայերէն հազիւ իմացող, աւելի շատ թրքախօս, բայց սքանչելիօրէն բազմաթիւ լեզուներու գիտակ Պրն. Անթուանը (անգլերէնի կողքին գիտէր ֆրանսերէն եւ յունարէն), 1949-ին ինկած էր Ճեմարան, որ տակաւին ոչ Նշան Փալանճեան, ոչ ալ բնականաբար Մ. եւ Հ. Արսլանեան կը կոչուէր։ Երիտասարդ, 27 տարեկան Անթուան Քեհեայեանին քարիւղի ընկերութեան մը մէջ լաւ պաշտօն առաջարկած էին, սակայն Ճեմարանէն հրաժարելու համար երբ դիմած էր Լեւոն Շանթին, վերջինս «ո´չ» պատասխանած էր ու ըսած. «Դուն ուսուցիչ պիտի մնաս»։ Շանթն էր ըսողը, հապա ի´նչ պիտի ընէր. ու մնաց ուսուցիչ մինչեւ իր հնարաւորութիւններուն հատնումը, ամբողջ յիսնամեակ մը։ Մեր անգլերէնի ուսուցիչը շատ յատուկ մեթոտ մը ունէր. խօսիլ կու տար մեզի, խօսիլ իր անգլիական անթերի հնչումով, speech կ՚ընէինք անդադար։ Սըրը, այսպէս կը կոչէին զինք բոլորը՝ տնօրէն, ուսուցիչ, աշակերտ, ծնողներ եւ դեռ շատ ուրիշներ, կը թուէր շատ պահանջկոտ չըլլալ, ոչ ոք վերաքննելի նիշ կ՚ունենար, բայց հազարաւոր այն ճեմարանականները, շրջանաւարտ կամ թերաւարտ, երբ համալսարան կ՚երթային կամ աշխատանքային ասպարէզ կ՚որդեգրէին, իրենց հարկաւոր անգլերէնը գիտէին, նոյնիսկ աւելի լաւ գիտէին քան անգլերէն ծրագրով երկար տարիներ աշակերտողները։ Մենք լսելով ու խօսելով կը սորվէինք անգլերէնը։ Սըրը պաշտպան էր արդէն թէ տկար ու նաեւ անկարգ աշակերտներուն։ Ուսուցչական ժողովներուն, երբ թէժ վիճաբանութիւններ կ՚ըլլային, Սըրը անխափան պաշտպան էր տկարին, նոյնիսկ երբ ծոյլ էր անիկա, նոյնիսկ երբ անկարգ էր։ Կարեւորը «լաւ տղայ» կամ «լաւ աղջիկ» ըլլալն էր, բայց ո՞ր անկարգն ու ծոյլը լաւ բան մը չունի իր նկարագրին մէջ։ Ու Սըրը կը պահանջէր, որ ներողամիտ ըլլայինք եւ իրեն համախոհ Մուշեղ Իշխանի գործօն մեղսակցութեամբ՝ կը փորձէր ֆրանսերէնի ու ուսողութեան խստապահանջ ուսուցիչներու անզիջողութիւնը կոտրել։ Սըրին պարտականութիւններէն մէկն ալ Ճեմարանի աշակերտները լաւ համալսարաններ տեղաւորելն էր։ Ի~նչ խնամքով կը պատրաստէր նիշերու ցուցակները, կը գրէր յանձնարարականները ու ամէն յաջողութեան լուրին դիմաց հպարտութեամբ կը հրճուէր ու աջ ու ձախ կը ծանուցէր. այսինչը այն դիրքին հասեր է, ուրիշ մը PHD ստացեր է… Սըրը չամուսնացաւ։ Իր ընտանիքը Ճեմարանի գիշերօթիկն էր, որուն պատասխանատուն մնաց մինչեւ 1975-ի պատերազմին անոր փակումը։ Հասկցող, ներողամիտ ու գուրգուրոտ հայր ամենեցուն, չարութիւներու բոյն այդ գիշերօթիկին, որ ժամանակ մը մինչեւ հարիւր սաներ կը պարփակէր։ Ցերեկը դասաւանդող Սըրը, Ճեմարանէն զատ նաեւ՝ Հռիփսիմեանց վարժարանին մէջ, կէսօրէ ետքերն ու գիշերները պէտք է հոգար գիշերօթիկ աշակերտներու բազում կարիքները, հսկէր, խնամէր, ապահովէր դասերու սերտողութիւնը, կազմակերպէր անոնց ընկերային կեանքը։ Ամբողջական այդ յանձնառութիւնը կը հասնէր հոն, որ երբ աշակերտները իրենց ծնողներէն գումար ստացած չըլլային, կրնային դիմել իրենց հասարակաց հօր ու գրպանի մանրածախսի գումար ստանային։ Անհատոյց յաճախ, ու իր սեփական գրպանէն։ Բարութեան մարմնացում Սըրը նաեւ գաղափարական մարդ էր։ Եթէ Լեւոն Շանթէն մանկավարժութիւն սորված էր, հետեւելով անոր դասախօսութիւններուն, եթէ Զօրավար Դրոյի հետ կարճատեւ շփում ունեցած էր, Սըրին գաղափարական իսկական առաջնորդը Սիմոն Վրացեանն էր։ Վրացեանի հետ մտերմութիւնը անգնահատելի հարստութիւն էր։ Վրացեան թէ´ իր խորհրդատուն էր եւ թէ իրմէ խորհուրդ ստացողը։ Հիւանդութեան շրջանին, Սըրը Վրացեանի մօտ ազատ ելումուտք ունեցող բացառիկներէն էր, բացառիկներուն բացառիկը, միաժամանակ՝ պահապան հրեշտակը։ Անկախ Հայաստան, ազատութիւն, պետականութիւն, հայ ազգի իրաւունքներու պահանջատիրութիւն, Սըր-ին համար ամէնօրեայ ապրում էին, պայքարի աննահանջ հանգանակ։ Ի վերջոյ, պայքարող ու ազատութեան ձգտող հայ մարդը, աղքատ ընտանիքի զաւակ աշակերտը, հիւանդութեամբ տառապող ու բուժման միջոցներէ զուրկ պաշտօնեան դպրոցին, ծանօթն ու ծանօթին ծանօթը Սըր-ին գուրգուրանքին առարկան էին։ Իր քսակը բաց էր բոլորին համար։ Տակաւին լուռ ու մունջ հանգանակութիւններ կը կազմակերպէր, պաշտօնակիցներէ ու աշակերտներէ գումարներ կը հաւաքէր աղքատներուն օգնելու համար։ Առանձինը, ինք՝ Սըրը բարեգործական միութեան մը գործը կատարած է, առանց փող ու թմբուկի։ Չարաչար աշխատած ու ոչ մէկ հաճոյքի ու շռայլութեան հակամէտ այս անձը միշտ աղքատ մնաց ու ունեցածը լրիւ բաշխելէ ետք, ահա աղքատ կը մեկնի աշխարհէն։ Երանի~ Սըրին։ Կա՞յ աշխարհի վրայ իրմէ աւելի սիրուած ուսուցիչ մը, գիշերօթիկի պատասխանատու մը։ Մեր բոլորին անտիտղոս ղեկավարն էր ան, անբիծ մաքրութեան, բարութեան, նուիրումի անխարդախ ուղեցոյցը։ Երանի~ Սըրին։ Ան օր մը պիտի մեկնէր անշուշտ ու ահա կը մեկնի։ Մեզի կը կտակէ լիաբուռն տալու խորհուրդը, որ հրաւէր մըն է նուիրումի, անմնացորդ նուիրումի։ 2 Փետրուար, 2013