ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆ

Երկուշաբթի, 18 Փետրուար 2013-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները գացին «Univers d’Albert» հաճելի եւ օգտաշատ ժամանակ անցընելու համար։ Անոնք հոն պատրաստեցին հայրերու նուէրները։ Ուրբաթ, 22 Փետրուար 2013-ին՝ երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Բ. դասարանի աշակերտները դպրոց եկան իրենց հայրերուն հետ։ Անոնք ուրախ ու ճոխ մթնոլորտի մէջ ապրեցան անմոռանալի պահեր։ Իրենց պատրաստած մշակութային բաժինը ներկայացնելէ ետք, աշակերտները միացան իրենց հայրերուն եւ խաղացին, երգերին ու պարեցին։ Ձեռնարկի աւարտին, իւրաքանչիւր աշակերտ իր հօրը նուիրեց ձեռային աշխատանք մը։ Բարի հայրերու տօն բոլորին։