ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 13 Փետրուար 2013-ին, ԺԲ. դասարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան ուսման կողմնորոշման մասին դասախօսութեան մը։ N.D.U. համալսարանէն Տիկին Գարլա Սֆէյր ներկայացուց համալսարանի տարբեր բաժանմունքներն ու մասնագիտութիւնները եւ շեշտեց երեք կէտեր, որոնք պէտք է նկատի առնուին մասնագիտութիւն եւ համալսարան ընտրելու ժամանակ։ -Համալսարանը պէտք է վաւերացում ունենայ։ -Տուեալ մասնագիտութեան կարիքը ըլլայ։ -Աշակերտին սիրած մասնագիտութիւնը ըլլայ։ Դասախօսութեան աւարտին Տիկին Գարլա պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներոււն։