ԱՆԹՈՒԱՆ ՔԵՀԵԱՅԵԱՆ (ՍԸՐ)

Հինգշաբթի, 31 Յունուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 6-ին կը մահանայ վաստակաւոր կրթական մշակ Անթուան Քեհեայեան։ Ծնած է Ատանա, 5 Փետրուար 1922-ին։ Գաղթականութեան ճամբուն վրայ, անցած է զանազան քաղաքներէ եւ վերջապէս հաստատուած Կիպրոս։ Անթուան Քեհեայեան նախ կը յաճախէ Կիպրոսի Թերրա-Սանթա վարժարանը, ապա, նախակրթարանը աւարտելէ ետք, միջնակարգի տարիները կ՚անցընէ Կիպրոսի Ամերիկեան Ակադեմիային մէջ, ուր կը սորվի հաշուապահութիւն եւ անգլերէն լեզու։ Երկրորդական ուսումը կը շարունակէ Պէյրութի International college-ին մէջ։ Ապա կը մտնէ կեանքի ասպարէզ, նախ պաշտօնեայ, սակայն շուտով՝ ուսուցիչ, երբ կը հանդիպի Լեւոն Շանթին։ Սըր-ը կ՚ըսէ. «Ուսուցչութիւնը սիրելս կը պարտիմ Լ. Շանթին. ան զիս ուսուցիչ ձեռնադրեց եւ իրմէ հայերէն սորվեցայ»։ 1949-էն սկսեալ Սըր Ճեմարանի անգլերէնի ուսուցիչն էր, իր իւրայատուկ ոճով երկրորդականի աշակերտներուն սորվեցուցած է անգլերէնի ճիշդ առոգանութիւնը եւ քերականութիւնը։ 1954-ին կը դառնայ Ճեմարանի գիշերօթիկներու պատասխանատու վարիչ մինչեւ այդ բաժինին փակումը։ Բազմակողմանի հետաքրքրութիւններով՝ Սըր ունէր լայն ու ընդհանուր զարգացում՝ գրականութեան, մանկավարժութեան եւ քաղաքականութեան բնագաւառներուն մէջ։