ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Մանկապարտէզի եւ տարրական բաժինի աշակերտները իրենց շատ սիրելի տօնը՝ բարեկենդանը, նշեցին Չորեքշաբթի 6 Փետրուար 2013-ին։ Անոնք առաւօտեան սովորական ժամուն ծպտուած դպրոց ժամանեցին ։ Ուսուցիչները այդ օրուան համար յատուկ յայտագիր, խաղեր ու հիւրասիրութիւն պատրաստած էին։ Աշակերտները երգեցին, պարեցին ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ հաճելի ժամեր անցուցին։