Դ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 6 Փետրուար 2013-ին, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները նշեցին բարեկենդանը հետեւեալ յայտագրով. առաւօտեան ժամը 7։30-ին տեղի ունեցան բարեկենդանի տօնին եւ աւանդութիւններուն մասին աշակերտական ներկայացումներ։ Ժամը 8։00-ին, աշակերտները պատրաստեցին իրենց դիմակները, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։ Ժամը 10։00-ին աշակերտները դիմակներով շրջեցան դպրոցի զանազան բաժինները եւ հատիկ հրամցուցին։ Հաճելի ժամեր անցընելէ ետք, աշակերտները տուն մեկնեցան ժամը 11։00-ին։