ԳԻՐՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

2011-ի Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին եւ Դեկտեմբերի առաջին օրերուն, Ճեմարանի մանկապարտէզի կանաչ դասարանի, տարրական բաժինի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ներկայ գտնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի գիրքի ցուցահանդէսին։ Աշակերտները ուսուցիչներուն ցուցմունքներով ընտրեցին իրենց տարիքին յարմարող գիրքեր եւ «հարստացած» վերադարձան դպրոց։

Ghinwa et le train qui chante

Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2011-ին մանկապարտէզի ու տարրական բաժինի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Ղինուայի ֆրանսերէն լեզուով երաժշտախառն ներկայացման։ Կաղանդի նուիրուած այս ներկայացման ընթացքին, մանկական երգերու մեկնաբան Ղինուա հայերէն լեզուով արտասանեց խորհրդանշական հինգ բառերը՝ ներել, սիրել, բաժնեկցիլ, շնորհակալ ըլլալ եւ աղօթել։ Աշակերտները մեծ ուրախութեամբ դիտեցին ներկայացումը, որուն աւարտին քաղցրեղէնով հիւրասիրուեցան։

ԿԱՊՈՅՏ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ամրապնդելու համար դասարանէն ներս իրենց սորվածները Երկուշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2011-ին կապոյտ դասարաններու աշակերտները այցելեցին դպրոցին մօտակայ յարկաբաժին մը, Ծաղկաձորի մէջ, դիտելու տան զանազան բաժանումները։ Այցելութեան աւարտին տանտիկինը քաղցրեղէն հրամցուց աշակերտներուն։ Յաջորդ օրը, անոնք այցելեցին Bou Khalil, Չորեքշաբթի առաւօտուն իրենց ուտելիք սննդարար նախաճաշին համար անհրաժեշտ գնումները կատարելու եւ տեսնելու…

ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2011-ին, ընկերային ծառայողը նախակրթարանի Դ. եւ Ե. դասարաններու աշակերտներուն հետ արծարծեց «Աշխատասիրութիւն» նիւթը։ Ընկերային ծառայողը Դ. դասարանի աշակերտներուն բացատրեց, թէ ի՛նչպէս կարելի է ծրագրել իրենց ժամանակացոյցը։ Պատմութեան մը ընդմէջէն ան աշակերտներուն փոխանցեց ծրագրումի կարեւորութիւնը նպատակի մը իրագործման ու յաջողութեան համար։…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ

Երկուշաբթի 21 Նոյեմբեր 2011-ին, Լիբանանի անկախութեան տօնի նախօրեակին, Մանկապարտէզի փոքրիկները երգեցին Լիբանանի քայլերգը եւ դրօշակներով տուն վերադարձան։ Տարրական բաժինի աշակերտները հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով երգեցին Լիբանանի նուիրուած երգեր ու բանաստեղծութիւններ արտասանեցին։ Նախակրթարանի եւ միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները դիտեցին արաբերէն լեզուով Լիբանանի անկախութեան պատմութեան մասին տեսերիզ մը, ապա երգեցին…

«ԴԷՊԻ ՀԱՅՔ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 18 Նոյեմբեր 2011-ին «Դէպի Հայք» կազմակերպութեան տնօրէն Սեւան Գապագեան այցելեց Ճեմարան եւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց «Դէպի Հայք» («Պըրթրայթ Արմինիա») կազմակերպութեան գործունէութիւնը՝ լուսանկարներու ցուցադրութեամբ: Սեւան Գապագեան նշեց, որ «Դէպի Հայք» կազմակերպութիւնը սկսած է գործել 2004-ին, եւ ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած են 600 երիտասարդներ` 25 երկիրներէ (Լիբանանէն՝ ցարդ…

ԿՈԿԻԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿ

Չորեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2011-ին Կոկիկեան Հիմնարկի ներկայացուցիչներ Տիկ. Յասմիկ Նալպանտեան եւ Օրդ. Գարին Մուջոյեան այցելեցին Ճեմարան եւ հանդիպում ունեցան Լսարանական Միութեան աշակերտութեան հետ։ Կոկիկեան Հիմնարկի հիմնադիրն է Միշէլ Կոկիկեան, որ իրականացուցած է իր հօր՝ Ժան Կոկիկեանի երազը։ Հիմնարկը նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ հայ ուսանողին, որպէսզի քաջալերէ լիբանանահայ երիտասարդին…

ԶԲՕՍԱՆՔ ՄԸ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂԻՆ ՄՕՏ

Տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները շաբաթը մէկ անգամ զբօսանք մը կ՚անցընեն ընկերային ծառայողին մօտ, որ աշակերտներուն պատմութիւն մը ներկայացնելէ ետք, կը զրուցէ անոնց հետ։ Զրոյցին ընդմէջէն ընկերային ծառայողը անոնց հետ կ՚արծարծէ տուեալ պատմութեան առնչուող կենցաղավարութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ ընկերային նիւթեր։

ԽՈՅԶ՝ ՀԱՒԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Տարրական բաժինի Գ. դասարաններու աշակերտները շատ հետաքրքրական խոյզեր պատրաստեցին հաւերու մասին ֆրանսերէն լեզուով ։ Բոլոր աշակերտները իրենց խոյզերը հերթաբար ներկայացուցին ֆրանսերէնի պահուն։ Այս աշխատանքը կը նպաստէ զարգացնելու աշակերտին ֆրանսերէն լեզուի բառամթերքը, ինչպէս նաեւ՝ բանաւոր արտայայտութիւնը։

ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Կիրակի, 20 Նոյեմբեր 2011-ին, «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Սերժ Թովմասեան» սրահին մէջ, Ճեմարանի աշակերտները արձանագրեցին գերազանց արդիւնքներ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած ճատրակի մրցումներուն, ինչպէս նաեւ խմբային դասաւորման մէջ Ճեմարանը գրաւեց առաջին դիրքը (39 կէտ): Ստորեւ ճեմարանականներուն արձանագրած արդիւնքները. 8 տարեկան եւ վար տղաք՝ Հրակ Լախեան (առաջին),…

ԽՈՅԶ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Երեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2011-ին, Տարրական բաժինի Բ. եւ Գ. դասարանի աշակերտները հայոց պատմութեան ուսուցչուհիին հսկողութեամբ խոյզեր պատրաստեցին դասարաններէն ներս։ Այդ խոյզերը նուիրուած էին մեր շատ սիրելի Լիբանանի անկախութեան տօնին։ Լիբանանի անկախութեան մասին աշակերտներուն գիտելիքներու պաշարը բազմապատկուեցաւ ուրախ մթնոլորտով։

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն ուսման կողմնորոշման մասին տեղի ունեցան հետեւեալ դասախօսութիւնները. Երկուշաբթի, 14 Նոյեմբերին ՝ L.A.U համալսարանէն, իսկ Չորեքշաբթի 16 Նոյեմբերին՝ A.U.B համալսարանէն ներկայացուցիչներ փոխանցեցին տեղեկութիւններ եւ ծանօթացուցին նշեալ համալսարաններն ու տարբեր մասնագիտութիւնները։ Զոյգ համալսարաններու ներկայացուցիչները գոհացում տուին աշակերտներուն հետաքրքրութիւններուն՝ պատասխանելով անոնց ուղղած հարցումներուն։ Այս…