ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ

Երկուշաբթի 21 Նոյեմբեր 2011-ին, Լիբանանի անկախութեան տօնի նախօրեակին, Մանկապարտէզի փոքրիկները երգեցին Լիբանանի քայլերգը եւ դրօշակներով տուն վերադարձան։ Տարրական բաժինի աշակերտները հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով երգեցին Լիբանանի նուիրուած երգեր ու բանաստեղծութիւններ արտասանեցին։ Նախակրթարանի եւ միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները դիտեցին արաբերէն լեզուով Լիբանանի անկախութեան պատմութեան մասին տեսերիզ մը, ապա երգեցին Լիբանանի նուիրուած երգեր։