«ԴԷՊԻ ՀԱՅՔ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 18 Նոյեմբեր 2011-ին «Դէպի Հայք» կազմակերպութեան տնօրէն Սեւան Գապագեան այցելեց Ճեմարան եւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց «Դէպի Հայք» («Պըրթրայթ Արմինիա») կազմակերպութեան գործունէութիւնը՝ լուսանկարներու ցուցադրութեամբ: Սեւան Գապագեան նշեց, որ «Դէպի Հայք» կազմակերպութիւնը սկսած է գործել 2004-ին, եւ ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած են 600 երիտասարդներ` 25 երկիրներէ (Լիբանանէն՝ ցարդ 15 հոգի): Կազմակերպութեան նպատակն է 20-էն 32 տարեկան երիտասարդներուն առիթ տալ Հայաստանը ճանչնալու եւ Հայաստանի հետ առնչուելու, ստեղծել խոր կապ մը հայրենիքի հետ, որովհետեւ Հայաստանը մաս կը կազմէ մեր կեանքին։ Սփիւռքահայ երիտասարդը Հայաստան պէտք է երթայ ոչ միայն իբրեւ զբօսաշրջիկ, այլ կեանքի մէջ գոնէ 2 ամիս հոն ապրի։ Այսպիսով ան կը կապուի Հայաստանին ու ինքնիր ինքնութեան։ «Դէպի Հայք»-ը տարին 12 ամսուան ծրագիր է, նուազագոյնը՝ 2 եւ առաւելագոյնը 12 ամիս։ Գապագեան յայտնեց, որ «Դէպի Հայք» ծրագիրին հետեւող երիտասարդներուն կ’ապահովուի ճանապարհածախսը, կեցութիւնը, ինչպէս նաեւ դաստիարակչական եւ ընկերային աշխատանքները: Ծրագիրին մասնակիցները իրենց մասնագիտութիւններուն եւ կարողութիւններուն մէջ կը կատարեն ծառայողական աշխատանքներ` իրենց ընտրութիւններուն համաձայն: Անոնք շաբաթը երկու անգամ հայերէն լեզուի դասընթացքի կը հետեւին, ըստ ցանկութեան նաեւ՝ արեւելահայ գրականութեան դասընթացքի։ Շաբաթ օրերը դէպի պատմական վայրեր պտոյտներ կը կազմակերպուին բոլոր մասնակիցներուն համար։ Սեւան Գապագեան կոչ ուղղեց երիտասարդներուն տեսնելու Հայաստանը իր բոլոր իրականութիւններով, սիրելու հայրենիքը եւ որոշելու, թէ իրենք Հայաստանի մէջ ի՛նչ դերակատարութիւն կրնան ունենալ: Արեւիկ Փափազեան ԺԲ. դասարան