ԶԲՕՍԱՆՔ ՄԸ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂԻՆ ՄՕՏ

Տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները շաբաթը մէկ անգամ զբօսանք մը կ՚անցընեն ընկերային ծառայողին մօտ, որ աշակերտներուն պատմութիւն մը ներկայացնելէ ետք, կը զրուցէ անոնց հետ։ Զրոյցին ընդմէջէն ընկերային ծառայողը անոնց հետ կ՚արծարծէ տուեալ պատմութեան առնչուող կենցաղավարութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ ընկերային նիւթեր։