ԿԱՊՈՅՏ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ամրապնդելու համար դասարանէն ներս իրենց սորվածները Երկուշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2011-ին կապոյտ դասարաններու աշակերտները այցելեցին դպրոցին մօտակայ յարկաբաժին մը, Ծաղկաձորի մէջ, դիտելու տան զանազան բաժանումները։ Այցելութեան աւարտին տանտիկինը քաղցրեղէն հրամցուց աշակերտներուն։ Յաջորդ օրը, անոնք այցելեցին Bou Khalil, Չորեքշաբթի առաւօտուն իրենց ուտելիք սննդարար նախաճաշին համար անհրաժեշտ գնումները կատարելու եւ տեսնելու հանրախանութին տարբեր բաժինները։