ԿՈԿԻԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿ

Չորեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2011-ին Կոկիկեան Հիմնարկի ներկայացուցիչներ Տիկ. Յասմիկ Նալպանտեան եւ Օրդ. Գարին Մուջոյեան այցելեցին Ճեմարան եւ հանդիպում ունեցան Լսարանական Միութեան աշակերտութեան հետ։ Կոկիկեան Հիմնարկի հիմնադիրն է Միշէլ Կոկիկեան, որ իրականացուցած է իր հօր՝ Ժան Կոկիկեանի երազը։ Հիմնարկը նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ հայ ուսանողին, որպէսզի քաջալերէ լիբանանահայ երիտասարդին մուտքը պետական կառոյցներէն ներս։ Հիմնարկի ներկայացուցիչները անդրադարձան պետութեան աշխատելաձեւին ու պետական կառոյցներուն մասին լաւատեղեակ ըլլալու կարեւորութեան, որպէսզի իբրեւ լիբանանահայ մեր իրաւունքները ունենանք եւ հետեւինք այնպիսի մասնագիտութիւններու, որոնց շնորհիւ պիտի կարենանք հետագային պետական պատասխանատու պաշտօններ ստանձնել։