ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2011-ին, ընկերային ծառայողը նախակրթարանի Դ. եւ Ե. դասարաններու աշակերտներուն հետ արծարծեց «Աշխատասիրութիւն» նիւթը։ Ընկերային ծառայողը Դ. դասարանի աշակերտներուն բացատրեց, թէ ի՛նչպէս կարելի է ծրագրել իրենց ժամանակացոյցը։ Պատմութեան մը ընդմէջէն ան աշակերտներուն փոխանցեց ծրագրումի կարեւորութիւնը նպատակի մը իրագործման ու յաջողութեան համար։ Ապա թղթիկներ բաժնուեցան աշակերտներուն, եւ իւրաքանչիւրը փորձեց ծրագրել իր յետմիջօրէի ժամանակացոյցը։ Նոյն նիւթը ընկերային ծառայողը զրոյցի ձեւով արծարծեց Ե. դասարանի աշակերտներուն հետ։ Ան ներկայացուց պատմութիւն մը, շեշտելով թէ ի՞նչպէս կրնանք մենք մեզ բարելաւել։ Դասապահու աւարտին, անհատական թատերական ներկայացումով աշակերտները ամրապնդեցին իրենց սորվածը եւ տեսան, թէ ի՞նչ ժխտական երեւոյթներու կրնանք հանդիպիլ եթէ մենք մեզ չբարելաւենք։