ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն ուսման կողմնորոշման մասին տեղի ունեցան հետեւեալ դասախօսութիւնները. Երկուշաբթի, 14 Նոյեմբերին ՝ L.A.U համալսարանէն, իսկ Չորեքշաբթի 16 Նոյեմբերին՝ A.U.B համալսարանէն ներկայացուցիչներ փոխանցեցին տեղեկութիւններ եւ ծանօթացուցին նշեալ համալսարաններն ու տարբեր մասնագիտութիւնները։ Զոյգ համալսարաններու ներկայացուցիչները գոհացում տուին աշակերտներուն հետաքրքրութիւններուն՝ պատասխանելով անոնց ուղղած հարցումներուն։ Այս տարի հիւրաբար նաեւ գերմանական (L.G.U) համալսարանի ներկայացուցիչը այցելեց Ճեմարան եւ նոյնանման հանդիպում ունեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ։