ԱՇՆԱՆ ՊՏՈՒՂՆԵՐԸ

Մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները Հոկտեմբեր ամսուն ծանօթացան աշնան պտուղներուն։ Անոնք դիտեցին, շօշափեցին ու համտեսեցին զանազան պտուղներ։ Ի վերջոյ, պտուղներուն մասին բաւարար գիտելիքներ ստանալէ ետք, աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն հետ պատրաստեցին խնձորով կարկանդակը։

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2012-ին, Ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ համալսարանի (USJ) ուսումնական կողմնորոշման գրասենեակի տնօրէն Փիէռ Նաժըմ ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց համալսարանի պատմականը եւ խօսեցաւ հոն գոյութիւն ունեցող տարբեր մասնագիտութիւններուն մասին։ Հինգշաբթի, 1 Նոյեմբերին, L.A.U. համալսարանի ընդունման գրասենեակէն Մեղրի Խօշեան ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց L.A.U….

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2012-ին, երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները հետեւեցան Համաշխարհային Երիտասարդական Միութեան (WYA) մասին դասախօսութեան մը։ Համաշխարհային Երիտասարդական Միութեան Միջին Արեւելքի տնօրէն Սետրիք Շուքէյր եւ Ճեմարանի շրջանաւարտ Նարօտ Յարութիւնեան ներկայացուցին Միութիւնը եւ խօսեցան անոր զանազան աշխատանքներուն մասին։ Դասախօսութեան աւարտին, աշակերտները արձանագրուեցան Համաշխարհային Երիտասարդական Միութեան կայքէջի…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՏՊԱՐԱՆ ԵՒ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹ

Երեքշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2012-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները մեծ ուրախութեամբ ուղղուեցան դէպի Համազգայինի տպարանը։ Անոնք դիտեցին տպարանի գործիքները եւ մօտէն հետեւեցան տպագրական աշխատանքի հանգրուաններուն։ Աշակերտներուն մտքին մէջ յստակ դարձաւ գիրքի մը մեծաքանակ արտադրութեան աշխատանքի ձեւը։ Տպարանէն ետք, անոնք ուղղուեցան Համազգայինի գրախանութը, դիտեցին հոն ցուցադրուած եւ վաճառքի դրուած…

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Տարրական բաժինի աշակերտները ամառը ձեռնածալ չանցուցին։ Անոնք մասնակցեցան տարբեր-տարբեր մրցումներու եւ ձեռք բերին փայլուն յաջողութիւններ։ Մեր մարզիկ աշակերտներէն յիշենք. Հրակ Լախեան Յունաստանի մէջ կազմակերպուած ճատրակի մրցաշարքին հանդիսացաւ երրորդ։ Շահան Նաճարեան ստացաւ տիպար մարզիկի ոսկի մետալ։ Քրիստ Պարսումեան մեծ յաջողութիւն արձանագրեց մարմնամարզութեան աշխարհին մէջ։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՅԹԱՐԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2012-ին Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները այցելեցին Պայթարեան հաստատութիւն՝ դիտելու կարի գործիքները։ Աշակերտները շրջեցան հաստատութեան զանազան յարկերը եւ ծանօթացան դերձակին աշխատանքի զանազան հանգրուաններուն։ Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու վերամուտը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2012-ին, իսկ վարդագոյն եւ կապոյտ դասարաններու աշակերտներուն վերամուտը՝ 3 եւ 4 Հոկտեմբերին։ Յիշեալ օրերուն, առաւօտեան ժամը 8։30-ին աշակերտները հաւաքուեցան մանկապարտէզի բակը, ուր ուսուցչուհիները կանաչ դասարանի փոքրիկներուն վիզերուն անցուցին գունաւոր puzzle-ներ, կապոյտ դասարանի փոքրիկներուն՝ գունաւոր ժպտուն դէմքեր, իսկ վարդագոյն դասարանի…

«ՊԶՏԻԿ-ՄԶՏԻԿ»-ի ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐԸ ԿԸ ԶԵԿՈՒՑԵՆ։

«Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի կազմակերպած հայոց պատմութեան գիտելիքներու զարգացման մրցումին մրցանակակիրները` Նանի Գալուստեան, Հայկ Աւօ Աւետիս, Լոռի Գորեսեան եւ Մհեր Փելթեքեան, 1 Սեպտեմբեր 2012-ին, այցելեցին Հայաստան, ուր մէկ շաբթուան տեւողութեան կրթական-դաստիարակչական ծրագիր մը իրականացուցին: Ծրագիրը իրագործուեցաւ շնորհիւ «Եռագոյն ֆոնտ»-ի աջակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութեան: Մրցանակակիրները մէկ…

ԴՊՐՈՑԻՆ ԴԵՐԸ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Սկսող եւ արդէն մասնակիօրէն սկսած 2012-2013 կրթական տարեշրջանի գլխաւոր մտահոգութիւնը սուրիահայ դպրոցներու տագնապալի վիճակն է ու սուրիահայ աշակերտներու հոսքը Լիբանան: Բնականաբար մեր պարտքն է ամէն դիւրութիւն ընծայել եւ իրենց բնակութեան վայրէն հարկադրաբար դուրս մղուած հայ աշակերտներուն ապահովել հայեցի կրթութիւն եւ ուսման ընթացքի շարունակութիւն:

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2012-2013 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ ինչպէս միշտ հանգրուանային ձեւով: Սեպտեմբեր 12-ին երկրորդական բաժինի, ինչպէս նաեւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները արդէն իսկ վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 19-ին ամբողջացաւ միջնակարգի վերամուտը: Հինգշաբթի 27 Սեպտեմբերին, արդէն Մ.եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի դպրոցական կեանքը աւելի բնականոն դարձաւ տարրական բաժինի…

ՀԻՒԱՆԴԱՊԱՀՈՒՀԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Երեքշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2012-ին, Ճեմարանի հիւանդապահուհի Քրիստին Մխճեան իր մասնակցութիւնը բերաւ հիւանդապահուհիներու արհեստագիտական համագործակցութեան կազմի նախաձեռնած խորհրդաժողովին, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի տարբեր դպրոցներէ հիւանդապահուհիներ, որոնք բաժնեկցեցան իրենց անձնական փորձառութիւնները դպրոցէն ներս, քննարկեցին առօրեայ հրատապ հարցեր եւ փոխանակեցին գաղափարներ ու առաջարկներ։ Միջդպրոցական համագործակցութեան կապեր հաստատելու եւ այս մարզին բարելաւում…

ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Երկուշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2012-ին, ժամը 3։00-ին, տեղի ունեցաւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի վերամուտի ուսուցչական աւանդական առաջին ժողովը։ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան բարի վերամուտ մաղթեց ուսուցիչներուն ու անոնց փոխանցեց 2012-2013 տարեշրջանին վերաբերող անհրաժեշտ տեղեկութիւնները։ Տնօրէնը ողջունեց Ճեմարանի ուսուցչական կազմին միացած նոր ուսուցիչները եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին։