ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2012-ին, Ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ համալսարանի (USJ) ուսումնական կողմնորոշման գրասենեակի տնօրէն Փիէռ Նաժըմ ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց համալսարանի պատմականը եւ խօսեցաւ հոն գոյութիւն ունեցող տարբեր մասնագիտութիւններուն մասին։ Հինգշաբթի, 1 Նոյեմբերին, L.A.U. համալսարանի ընդունման գրասենեակէն Մեղրի Խօշեան ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց L.A.U. –ի տարբեր մասնագիտութիւնները, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ աշխատանքի կարելիութիւններուն մասին։ Ան շեշտեց, որ L.A.U համալսարանը կրթանպաստի զանազան դիւրութիւններ կու տայ ուսանողներուն։ Նշեալ ներկայացումներուն աւարտին, դասախօսները պատասխանեցին աշակերտներուն հարցումներուն։