ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2012-ին, երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները հետեւեցան Համաշխարհային Երիտասարդական Միութեան (WYA) մասին դասախօսութեան մը։ Համաշխարհային Երիտասարդական Միութեան Միջին Արեւելքի տնօրէն Սետրիք Շուքէյր եւ Ճեմարանի շրջանաւարտ Նարօտ Յարութիւնեան ներկայացուցին Միութիւնը եւ խօսեցան անոր զանազան աշխատանքներուն մասին։ Դասախօսութեան աւարտին, աշակերտները արձանագրուեցան Համաշխարհային Երիտասարդական Միութեան կայքէջի լուրերու եւ աշխատանքներու բաժինին։ Սերժ Ղարիպեան ԺԲ. դասարան