ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՕՐ

Հինգշաբթի, 25 Փետրուար, 2016-ին, Ճեմարանի տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի ուսուցչական կազմը մասնակցեցաւ վերապատրաստման երեք տարբեր վարժանքներու:

Լեզուի ուսուցիչները մասնակցեցան ուղղագրութեան ուսուցման վարժանքին: Նիւթը մատուցեց Սէն Ժոզէֆ եւ Պալամանտ համալսարաններու դասախօս, փորձառու մանկավարժ եւ լեզուի դասագիրքերու ծանօթ հեղինակ՝ Տօքթ. Քոլէթ Աուն: Ուսուցիչները ծանօթացան մարդկային ուղեղի տարբեր ունակութիւններուն եւ ուղղագրութիւնը անոնց համեմատ մատուցելու տարբեր ձեւերուն ու ռազմավարութիւններուն: Ուղղագրութեան ուսուցման այլազան ձեւերը կ’ամրապնդեն լեզուի գրաւոր արտայայտութիւնը եւ լեզուամտածողութիւնը:

Թուաբանութեան եւ գիտութեան ուսուցիչները մասնակցեցան թուաբանութեան ուսուցման վարժանքին: Նիւթը մատուցեց Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Մանկավարժական Դպրոցի դասախօս՝ Տիկ. Միշելլա Քիուան: Ուսուցիչները եւ դասախօսը միասնաբար քննարկեցին թուաբանութեան նիւթերու մատուցման խնդիրները եւ այդ մատուցումը հաճելի ու այլազան ձեւերով զարգացնելու տարբեր մօտեցումները:

Կէսօրուան ճաշի դադարէն ետք, նախակրթարանի բոլոր ուսուցիչները մասնակցեցան «Հեղինակութեան կառուցումը նախակրթարանէն ներս» վարժանքին: Նիւթը մատուցեց Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Մանկավարժական Դպրոցի դասախօս՝Պրն. Րօք Էլ Աշի: Չորս ժամ տեւած փոխգործօն նիստին ընթացքին ուսուցիչները վարժանքներ ըրին՝ աշակերտութեան հանդէպ դրական հեղինակութեան կառուցման եւ դրական կեցուածքի ամրապնդման մարտահրաւէրները իւրացնելու եւ զարգացնելու համար: