ՎԵՐԱՄՇԱԿՈՒՄ

Ճեմարանի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան չորս պահերու ընթացքին նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց «վերամշակում» նիւթը:

Աշակերտները միասնաբար կատարեցին «աղբի զտումի փորձ» դասարանէն ներս: Անոնք տունէն բերին տարբեր տեսակի վերամշակուող իրեր (կերպընկալ, ապակի, թուղթ, թիթեղ) եւ զանոնք ղրկեցին վերամշակման կեդրոն:

Աշակերտները նաեւ վաւերագրական ժապաւէն մը դիտեցին գործարաններու մէջ աղբերու զտումի եւ վերամշակման հանգրուաններուն մասին: