ՀԵՐԱ ՏԷՏԷԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԴԻՐՔՈՐՈՇՄԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԻ ՄՐՑԱՆԱԿ (POSITION PAPER AWARD) MODEL UNITED NATIONS (MUN) ԾՐԱԳՐԻՆ

Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտական պատուիրակութիւն մը այս տարի եւս մասնակցեցաւ Լիբանան-Ամերիկեան Համալսարանի (LAU) նախաձեռնած Model United Nations (MUN) ծրագրին:

Այս ծրագրի գործնականացման հանդիպումներուն, աշակերտները խորացուցին իրենց գիտելիքները Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մասին, անոնք սորվեցան քաղաքացիական պատասխանատուութիւն ստանձնել, սորվեցան  տագնապներու խաղաղ լուծման ուղղուած բանակցութիւններ վարելու, երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը կատարելու եւ ՄԱԿ-ի բանաձեւեր գրելու սկզբունքները:

Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ այս տարուան մասնակիցներէն Հերա Տէտէեան ստացաւ  Դիրքորոշման փաստաթուղթի մրցանակ (Position Paper Award):