ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ

Մանուկներու միջազգային օրուան առիթով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, «Ազատօրէն արտայայտուինք ԼՕԽ-ի պաստառին վրայ» թեմայի ներքեւ հայկական վարժարաններու աշակերտութիւնը առիթը ունեցաւ գծագրութիւններով եւ կարճ նախադասութիւններով արտայայտուելու ԼՕԽ-ի կողմէ պատրաստուած պաստառներու վրայ:

Այս առիթով Ճեմարան ուղարկուած յատուկ պաստառին վրայ առաջին դասարանէն իններորդ դասարանի աշակերտները յայտնեցին իրենց միտքերը, զգացումներն ու փափաքները:

Երկուշաբթի, 21 Մարտ 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները մասնակցեցան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի կազմակերպած Մանուկներու միջազգային օրուան նշումին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Յայտագրին ընթացքին, 3 երիտասարդներ ներկաներուն փոխանցեցին յաջողութեան գաղտնիքը: Իր իսկ ապրած փորձառութենէն` ճեմարանական օդաչու Յակոբ Նիկոլեան անդրադարձաւ կեանքին մէջ տեսլականի մը, նպատակի մը հետապնդման հիմնական քայլերուն: «Ծաղիկ դասարանէս կ՛երազէի օդաչու դառնալ», նշեց Նիկոլեան` թուելով այն հիմնական յատկութիւնները, զորս անհատ մը պէտք է որդեգրէ իր նպատակին հասնելու համար, ինչպէս` կամք, վճռակամութիւն` շարունակելու, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն:

Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին Ը. դասարանի աշակերտ Ռուբէն Խաչատուրեան ներկայացուց մանուկներու իրաւունքները եւ  բացատրեց պաստառներուն մէջ պարզուած պատկերներուն իմաստը: