ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԴՈԿՏ. ԱՐՄԷՆ ՏԷՐ ԿԻՒՐԵՂԵԱՆԻ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 16 Մարտ 2016-ին երկրորդականի աշակերտները ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին  մէջ ներկայ գտնուեցան Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին եւ անոր կրթական դրութեան ծանօթացման աշակերտական հանդիպումին:

ՀԲԸՄ-ի անունով Անիթա Լիպիար ողջունեց ներկաները եւ բացատրեց հանդիպումին նպատակը: Ապա ան բեմ հրաւիրեց Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահը: Դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան նշեց, որ երկու տարիէ ի վեր կը վարէ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահի պաշտօնը: Այս առիթով ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր անգլերէնով ծանօթացման բացատրութիւններ հաղորդուեցան: Ապա դոկտ. Տէր Կիւրեղեան փոխանցեց ամբողջացուցիչ տեղեկութիւններ համալսարանի գործունէութեան մասին:

Աւարտին, դոկտ. Տէր Կիւրեղեան պատասխանեց ուսանողներու հարցումներուն: Փոխնախագահ դոկտ. Աշոտ Ղազարեան եւս փոխանցեց անհրաժեշտ բացատրութիւններ: