ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԱՐԱ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

Երեքշաբթի, 14 Մարտ 2016-ին երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետ աշակերտական հանդիպումին՝ Հայկազեան համալսարանի մէջ:

Վարչապետը կոչ ուղղեց լիբանանահայ երիտասարդութեան այցելելու Արցախ եւ շէնցնելու ու զարգացնելու հայրենի հողամասը մարդուժով թէ տնտեսական հզօրանքով: Ան յայտնեց, որ այսօր Արցախի բնակչութիւնը կը հաշուէ աւելի քան 150 հազար հայ: Ան դրուատիքով յիշեց ԱՌԻ-ի  (Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ) բարգաւաճման գործունէութիւնը Արցախի մէջ: Ան նշեց, որ 2008-ին աւելի քան եօթը հարիւր զոյգ հաւաքական ամուսնութիւն կնքած են ռուսահայ բարերար Լեւոն Հայրապետեանի կնքահայրութեամբ: Իր խօսքի աւարտին, վարչապետը պատասխանեց բոլոր հարցումներուն: