ԱՐՑԱԽԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Չորեքշաբթի, 24 Փետրուար 2016-ին, տեղի ունեցաւ նախակրթարանի Արցախեան ձեռնարկը, Քերովբէ Պոլեան սրահին մէջ:

Յայտագիրը սկսաւ Արցախի քայլերգով, ապա Զ. դասարանէն Ցօղիկ Թրթռեան կատարեց բացման խօսքը, որ յիշելէ ետք ձեռնարկին նպատակը, ըսաւ. «Իբրեւ հայ աշակերտ անհրաժեշտ կը գտնենք Արցախի հերոսական պատմութիւնը ճանչնալը եւ չմոռնալ հերոսներուն զոհողութեան արժէքն ու իմաստը: Այո՛, մենք ալ մեր կարգին, ընելիք շատ բան ունինք, ո՛չ միայն Արցախի, այլեւ Հայաստանի ու հայութեան գոյատեւման համար»:

Օրուան բանախօսը՝  Շաղիկ Չափարեան, սկսելով Փետրուարեան ապստամբութենէն եւ հասնելով արցախեան ազատագրական պայքար, մանրամասնութեամբ պատմեց Շուշիի ազատագրումը: Ան ներկայացուց նաեւ Արցախի ներկայ իրավիճակը եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները: Ապա ան պատասխանեց մեր հարցումներուն:

Բանախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը հետեւեալ ձեւով.

-Մարիա Տէմիրճեան (Ե. դասարան) նուագ՝ «Եաման եար»

-Քրիստափոր Գապաքեան (Զ. դասարան) ասմունք՝ «Հերոսի մահով»

-Կլօրիա Ժալըֆեան (Ե. դասարան) նուագ՝ «Հայաստան»

-Սեւակ Զարմէնեան (Դ. դասարան) ասմունք՝ «Զուարթ երգ»

-Միսաք Պարսումեան (Ե. դասարան) նուագ՝ «Քամանչա»

-Սէրլի Աբովեան, Վիոլէթթա Քէշիշեան, Գալին Գիլեճեան եւ Անժելինա Դարբինեան (Ե. դասարան) ասմունք՝ «Ցնծա՛, Արցախ աշխարհ»

-Հրակ Լախեան (Զ. դասարան) ասմունք՝ «Ես հայրենիքս գրկած եմ երգում»

-Դ. դասարանի աշակերտներ՝ «Կենաց երգ»

-Վարագ Պալապանեան, Արամ Հանտեան, Արմէն Եղիայեան եւ Շահան Նաճարեան (Զ. դասարան) նուագ

-Զ. դասարանի աշակերտներ՝ «Արցախ» պար

Բոլորս սրահէն մեկնեցանք գոհունակ եւ հպարտ, այն յոյսով, որ օր մը Արցախ կ’այցելենք:

Սանան Քէշիշեան

Ե. դասարան